Տնօրէնուհիին Խօսքը

Ուրախութեամբ կ'ողջունենք ձեզ եւ բարի գալուստ կը մաղթենք, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցի կայքէջը:

Աւելի քան 30 տարիներ, Մոնթրէալի հայ գաղութիս ծանօթ է, Հ.Օ.Մ.-ի ծաղկոցի որակաւոր հիմը ու գերազանց համբաւը, իր ընդգրկած հարուստ ու բազմազան դաստիարակչական ծրագիրներու ընդմէջէն:

Ծաղկոցին առաջնահերթ առաքելութիւնն է, թանկագին երեխաներուն ստեղծել, առողջ ու անվտանգ միջավայր, ինչպէս նաեւ՝ տաքուկ ընկերային ու սիրով լեցուն մթնոլորտ, որպէսզի երեխաներ առիթ ունենան իրենց գիտելիքները զարգացնելու մասնաւորապէս հրամցուած խաղերու միջոցաւ:

Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը կը հետեւի նախարարութեան «Accueillir la petite enfance» դաստիարակչական ծրագրին, որ կը ներառէ հիմնական տարրեր որոնք կը նպաստեն երեխային ընդհանուր կարողութիւններուն զարգացման բոլոր մարզերէ ներս՝ մտային, զգացական, ֆիզիքական, ընկերային եւ լեզուական: Այս ծրագրի յաջողութեան գրաւականը, ծաղկոց/ծնողք համագործակցութիւնն ու փոխ-յարաբերութիւնն է, յանուն երեխաներու բարօր ապագայի:

Մեր առաքելութիւնը յստակ է եւ պարզ. Ապահով, հաճելի, հետաքրքրական, եւ դաստիարակիչ մանկական աշխարհի ստեղծում, ուր փոքրիկները կը կազմաւորուին ուղղուելու, դէպի ամէնօրեայ վարժարանի ծաղիկ դասարան:


Շնորհակալութեան խօսք ունիմ ծնողներու, որոնք բարձր գիտակցութեամբ, իրենց
սրտահատորները վստահեցան ու տակաւին պիտի շարունակեն վստահիլ Հ.Օ.Մ.-ի Ծաղկոցին:


Բոլորիդ շուտով հանդիպելու եւ երեխաները գրկբաց ընդունելու հեռանկարով,
Յարգանօք՝


Լիզա Մազլումեան

Տնօրէնուհի