Նպատաք եւ առաքելութիւն

Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը կը հայթայթէ տաքուկ մթնոլորտ եւ ապահով միջավայր, ուր երեխան կ՛առաջնորդուի ապրելու զանազան փորձառութիւններ, որոնք կը բաժնէ իր հասակակիցներուն հետ:

Երեխան կ՛ուղղուի զարգացնելու իր անհատականութիւնը եւ վստահութիւնը իր շրջապատին հանդէպ: Կը սորվի ըլլալ ինքնաբաւ:

Կրթական գետնի վրայ, Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը կը նախապատրաստէ երեխային հեզասահ անցումը դէպի մանկապարտէզ: