Պատմական

Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը հիմնուեցաւ 1973ին հաստատուելով Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի նորակառոյց շէնքին մէջ :

1980ին Հայ Կեդրոնի շէնքը ընդլայնուեցաւ յաւելուածով մը :

Այսպիսով՝ Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը ունեցաւ իր անջատ անկիւնը : Սոյն յաւելուածը կառուցուեցաւ համապատասխան նախարարութեան սահմանած օրէնքներուն, ապահովելով երեխային առողջապահական չափանիշները եւ հանգստութիւնը:

1998ին, Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը, հետեւելով Քէպէքի Ընտանիքի եւ փոքրերու նախարարութեան նոր քաղաքականութեան, որդեգրուած՝ 1 Սեպտեմբեր 1997ին, օգտուեցաւ կառավարութեան որոշած օրական $8,85-ի զեղչուած սակերու ծրագիրէն, որ կը պայմանաւորէր ուղղակիօրէն կապուած ըլլալ ընտանիքի եւ փոքրերու նախարարութեան: