Ներկայացում

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը, համաձայն Ընտանիքի եւ Փոքրերու նախարարութեան արտօնագրին, ունի 160 երեխայի տեղ 3-էն 5 տարեկան:

Խումμերու μաժանման համեմատութիւնն է.-

    • 1 դաստիարակ իւրաքաչիւր 8 երեխայի – 3-4 տարեկան խումpի
    • 1 դաստիարակ իւրաքանչիւր 10 երեխայի – 4-5 տարեկան խումpի

Ծաղկոցը pաց է pոլոր տարին, pացի օրացոյցին վրայ նշուած արձակուրդի օրերէն:

Սպասարկութեան ժամերն են առաւօտեան ժամը 7:00էն կ.ե. ժամը 6:00, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը:

Ամէն տարի 70-80 աշակերտներ կ՛անցնին Սուրբ Յակոբ Ամէնօրեայ վարժարանի «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարան, շարունակելու համար իրենց հայեցի նախնական ուսումը:

Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը նաեւ կը ծանօթացնէ երեխային հայկական մշակոյթը, ուր հայ երեխան կ՛արտայայտուի հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով : Ան խաղով, պարով ու երգով կը ծանօթանայ հայկական, գանատական ու Քէպէքի մշակոյթին ու աւանդութիւններուն:

Ծնողական տարեկան հանդիպումները հնարաւորութիւն կը ստեղծեն որ ծնողները Ծաղկոցի միջավայրին եւ օրէնքներուն ծանօթանան, ինչպէս նաեւ առիթ ունենան բաժնելու իրենց մտահոգութիւնները:

Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցը կը գործակցի շրջանի CLSC-ին եւ Santé Canada-ին հետ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի «Concertation des femmes» կազմակերպութեան հանդիպումներուն :