Անձնակազմ

Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցի բոլոր դաստիարակները մասնագէտներ են եւ իրենց առաջնահերթութիւնն է հայթայթել երեխային ապահով եւ առողջ միջավայր :

Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցի դաստիարակները կը հետեւին Ընտանիքի եւ Փոքրերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած զանազան մանկավարժական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու, ինչպէս՝ «Jouer c’est magique», արդիականացնելու բոլոր դաստիարակչական միջոցառումները: Նաեւ, կը հետեւին զանազան խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու, կազմակերպուած Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոցի կողմէ, ուր կը հրաւիրուին մասնագէտ հոգեբաններ եւ դաստիարակներ ինչպէս՝ M. Germain Duclos , l’estime de soi ե նիւթով, եւ Mme Sylvie Bourcier , Quand les coups et les cris sont plus rapides ե նիւթով : Սոյն խորհրդաժողովները կարեւոր են բարելաւելու Ծաղկոցի ծառայութիւնները, ոը կ՛օգնեն զարգացնելու երեխային իմացական, լեզուական, ընկերային, հոգեբանական, բարոյական եւ ֆիզիքական կարողութիւնները: